ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի նախկին բռնատէր Սատտամ Հիւսէյնի դատավարութիւնը վերջ գտաւ Կիրակի օր՝ անոր դէմ արձակուած մահավճիռով, սակայն Սատտամի պաշտպան փաստաբանները յայտարարեցին, թէ կը մերժեն վճիռը եւ դատավարութիւնը նկատեցին «խեղկատակութիւն»:
Սատտամի ու անոր գործակիցներու դէմ արձակուած մահապատիժի եւ բանտարկութեան վճիռները Իրաքի մէջ ստեղծեցին ցնծութեան եւ միաժամանակ դատապարտումի ու բողոքի մթնոլորտ:
Պաշտպան փաստաբանները վճիռները համարեցին քաղաքական եւ ըստ իրենց՝ սահմանուած էին Ամերիկայի քոնկրէսական ընտրութիւններուն հանրապետականներու յաջողութեան նպաստելու նպատակով: Անոնք նաեւ կասկածի տակ առին դատաւորներու անաչառութիւնը: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին միջազգային, արաբ եւ տեղական հոսանքներուն ու դէմքերուն, «որէսզի վերջ տրուի այս խեղկատակութեան»:
Մինչ այդ, իշխանութիւնները կրակմարի դրութիւն հաստատած էին Պաղտատի եւ սիւննի նահանգներու մէջ: Օդակայանը եւս փակուած էր:
Իրաքի վերաքննիչ ատեանը յառաջիկայ Յունուարի կէսերուն պիտի քննէ վճիռներու թղթածրարը՝ ըստ գլխաւոր դատախազին:
Դատարանին մէջ, Սատտամ Հիւսէյն մերժեց կանգնիլ վճիռի արձակումին ատեն. երկու պահակներ ստիպեցին, որ մնայ կանգնած: Երբ դատաւորը մահավճիռը տուաւ, նախկին նախագահը «Ալլահու աքպար» (Աստուած աւելի մեծ է) պոռաց: Իսկ երբ ատեանի նախագահը իր խորթ եղբօր՝ Պարզան Իպրահիմ Թիքրիթիի եւ այլ պաշտօնատարի մը դէմ մահավճիռը կ՚արձակէր, ան պոռաց. «Կեցցէ՛ մեր ժողովուրդը եւ մա՛հ անոր թշնամիներուն. կեցցէ՛ մեր փառաւոր ազգը եւ մա՛հ անոր թշնամիներուն»:
Նիստին սկիզբը, ատեանի նախագահը սրահէն վտարեց Ս. Հիւսէյնի պաշտպան փաստաբաններէն, Միացեալ Նահանգներու նախկին ընդհանուր դատախազ Ռամզի Քլարքը: Քլարք անոր յանձնած էր յուշագիր մը, որուն մէջ դատավարութեան ընթացքը խայտառակութիւն եւ խեղկատակութիւն անուանած էր:
ՎՃԻՌՆԵՐԸ
Սատտամի այս դատավարութիւնը ընթացաւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու ամբաստանութեամբ: 1982ին, նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի դէմ մահափորձ գործուած էր շիիներով բնակուած Տուժայլ գիւղաքաղաքին մօտ. տասնեակներով զինեալներ կրակ բացած էին նախագահի շքախումբին վրայ: Տուժայլի բնակիչներէն 148 հոգի մահապատիժի ենթարկուեցան:
«Ո՞ւր է ոճիրը. նախագահին դէմ մահափորձ գործած անձերը մահապատիժի ենթարկուեցան. ո՞ւր է ոճիրը», հարց տուած էր Սատտամ Հիւսէյն դատավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին:
Ատեանը վճռեց, որ Տուժայլի դէպքին համար նախկին նախագահը, այդ օրերուն գաղտնի սպասարկութեանց պետ անոր խորթ եղբայրը եւ Տուժայլի դատավարութիւնները վարած յեղափոխական ատեանի նախագահ Աուատ Համէտ Իպրահիմ կախաղան բարձրանան, Իրաքի նախկին փոխնախագահ Թահա Եասին Ռամատան կանխամտածուած մարդասպանութեան յանցանքին համար դատապարտուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան, եւ երեք այլ ամբաստանեալներ՝ Տուժայլի մէջ Պաաս կուսակցութեան պատասխանատուներ եւ ձերբակալութիւնները ղեկավարած Ապտալլա Քազիմ Ռուայէտ, որդին՝ Միզհար Ապտալլա Ռուայէտ, եւ Ալի Տայիհ Ալի, դատապարտուեցան 15 տարուան բանտարկութեան: Տուժայլի մէջ Պաասի պատասխանատուներէն Մոհամէտ Ալաուի Ալի փաստերու անբաւարարութեան պատճառով անպարտ արձակուեցաւ:
ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
«Այս կառավարութիւնը պիտի ըլլայ պատասխանատու ասոր հետեւանքներուն, պիտի ըլլայ պատասխանատուն հարիւրաւորներու, հազարաւորներու, նոյնիսկ հարիւր հազարաւորներու արեան, որ պիտի հոսի փողոցներուն մէջ, «Արապիյա» պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ սիւննի քաղաքական ղեկավարներէն Սալէհ Մութլաք:
Բայց Սպիտակ տունը դրուատեց Իրաքի դատական իշխանութիւնը եւ հերքեց այն ամբաստանութիւնները, թէ Ուաշինկթըն կանխաւ որոշած էր վճիռները:
Սպիտակ տան բանբեր Թոնի Սնօ ըսաւ, որ «իրաքցիներն են, որ վարեցին դատական գործընթացը. իրաքցի դատաւորներն են, որ այդքան ատեն քննեցին փաստերը: Հարկ է ընդունիլ, որ անոնք կը վարեն իրենց կառավարութիւնը եւ կը տնօրինեն իրենց հարցերը»:
Իրաքի շիի վարչապետ Նուրի Մալիքի, որուն Տաուա կուսակցութեան կը վերագրուի 1982ին Սատտամ Հիւսէյնի դէմ Տուժէյլի մէջ գործուած մահափորձը, ողջունեց վճիռը:
«Նախկին վարչակարգի պարագլուխներուն դէմ արձակուած վճիռը անհատներուն դէմ արձակուած վճիռ մը չէ: Անիկա Իրաքի պատմութեան մէջ նմանը չունեցող աստիճանի մութ ու խաւար ժամանակաշրջանի մը դէմ արձակուած վճիռ մըն է», ըսաւ ան:
Վճիռին արձակումէն անմիջապէս ետք, Պաղտատի սիւննիներով բնակուած Ազամիյա թաղամասին մէջ բազմաթիւ զինեալ յարձակումներ գործուեցան ապահովութեան ուժերուն վրայ:
Նոյն պահուն, Պաղտատի այլ թաղամասերէ կը լսուէին ցնծութեամբ օդը կրակողներու եւ փողոցներուն մէջ տօնախմբութեանց ձայները:
Տուժայլի փողոցներուն մէջ երգ ու պարի, տօնական մթնոլորտի մէջ մարդիկ այրեցին նախկին նախագահին նկարները:
Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայր Թիքրիթի մէջ, հակառակ կրակմարի դրութեան, աւելի քան հազար հոգի Սատտամի նկարները բարձրացուցած իջան փողոց՝ Սատտամի զօրակցութեան կոչեր արձակելով:
Միւս կողմէ, «Էյ.Փի.» գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախկին նախագահի պաշտպան փաստաբաններու խմբակի պետ Խալիլ Տուլայմի գործակալութեան յայտնած է, թէ Սատտամ Հիւսէյն կոչ կ՚ուղղէ իրաքցիներուն հրաժարելու վայրագութենէն: «Իրաքցի ժողովուրդին ան կ՚ուղղէ հետեւեալ պատգամը. ներեցէ՛ք եւ վրէժ մի՛ լուծէք բռնագրաւող ազգերէն ու անոնց ժողովուրդներէն: Նախագահը իր հայրենակիցներէն նաեւ կը խնդրէ միանալ եւ դէմ դնել միջհամայնքային արիւնահեղութեան», ըսաւ ան: