ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունուար 2ին, մինչ հազարաւոր իրաքիցներ յաջորդական երրորդ օրը ըլլալով Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի շիրիմը կ’այցելէին անոր ծննդավայրին մէջ, Իրաքի իշխանութիւնները խոստացան հետապնդել Սատտամի մահապատիժի ապօրինի արձանագրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուի անոր կախաղան հանուիլը եւ ուր կը լսուին Սատտամի դէմ նախատական խօսքեր:
Կը կարծուի, թէ արձանագրութիւնը կատարուած է շիի ղեկավար Մուքթատա Սատրի համակիրի մը կողմէ եւ կը մատնանշուի, որ այս իրողութիւնը աւելի եւս պիտի դժուարացնէ սիւննիներու եւ շիիներու միջեւ համերաշխութիւն հաստատելու ճիգերը:
Սատտամի մահապատիժի դէմ ցոյցեր շարունակուեցան Իրաքի տարածքին, մինչ իշխանութիւնները կը հաղորդէին, թէ անցեալ ամսուան ընթացքին մօտաւորապէս երկու հազար իրաքցիներ միջհամայնքային յարձակումներու զոհ գացած էին, անցեալ տարուան ընթացքին սպաննուած քաղաքայիններուն ընդհանուր պաշտօնական թիւը անցնելով 12,000ի սահմանը: Միայն Երեքշաբթի օր 45 դիակներ եւս յայտնաբերուած էին Իրաքի ոստիկանութեան կողմէ:
Յայտնենք, թէ անցնող շաբաթավերջին Իրաքի տարածքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն պաշտօնական թիւը անցած էր 3000ի սահմանը:
Սատտամ կախաղան հանուեցաւ անցեալ Շաբաթ օր, մինչ իրաքցիները իսլամական «Ատհա» տօնին տօնակատարութեանց կը պատրաստուէին: Իսլամական աշխարհին մէջ այդ տօնին առիթով ընդհանրապէս ներում կը շնորհեն եւ նկատի ունենալով, որ իրաքեան վճռաբեկ ատեանը միայն չորս օր առաջ հաստատած էր Սատտամի վճիռը, զայն արագօրէն մահապատիժի ենթարկելը հարուած մը եւս հասցուցած էր արդէն իսկ աննախանձելի վիճակի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու ներկայ կառավարութեան միջազգային վարկին:
Իրաքի Տուճայլ գիւղին մօտ մահափորձ մը գործուած էր նախկին նախագահին դէմ։ Սատտամ Հիւսէյն մահուան դատապարտուեցաւ այդ արարքին մեղսակից նկատուած շիիներու սպանութեան հարցով։
Մահապատիժին գործադրութենէն երկու օր առաջ Սատտամի հետ տեսնուած անոր երկու խորթ եղբայրներուն համաձայն, նախկին նախագահի «բարոյականը բարձր էր եւ յստակ էր, որ ան կը պատրաստուի… ան ըսած է, որ ուրախ է, որ մահը պիտի գտնէ իր թշնամիներուն ձեռքով, պիտի դառնայ նահատակ եւ պիտի չփտի բանտին մէջ»։