ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը յայտարարած է տրամաթիքական ստեղծագործութիւններու մրցոյթ՝ նուիրուած Սարդարապատի հերոսամարտի 90ամեակին: Մրցոյթի թեման 20րդ դարասկզբին ազգային-ազատագրական պայքարի արդիւնքով Սարդարապատի մէջ հայ ժողովուրդի տարած պատմական յաղթանակն է. գլխաւոր մրցանակը՝ 700 հազար, իսկ խրախուսականը՝ 300 հազար դրամ է:
Մրցոյթին, իւրաքանչիւր հեղինակ կրնայ ներկայացնել մէկ ստեղծագործութիւն, որոնցմէ մրցանակակիրները պիտի բեմադրուին Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
Ի դէպ, աշխատանքները նախարարութիւն պէտք է ներկայացուին մինչեւ Սեպտեմբեր 1՝ ծածկանուններով, իսկ արդիւնքները պիտի ամփոփուին Սեպտմբեր 20ին: