ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հոկտեմբեր 3ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նշանաւոր գործիչներէն եւ կուսակցական յայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Արշալոյս Աստուածատրեանի (1883-1973) գիրքի ողջունահանդէսը:
«Այսօր Հ.Յ.Դ. Բիւրոն պատիւն ունի հայ հասարակայնութեանը եւ մտաւորականութեանը մատուցելու իր աւագ ընկերոջ՝ Արշալոյս Աստուածատրեանի գրչին պատկանող «Սարդարապատի պատմաշինութիւնը եւ այլ երկեր» ժողովածուն, օգնելու մէկ քայլ եւս աւելի ամբողջական տեսնելու մեր մօտ անցեալի պատմութեան էջերն ու փառապանծ դէմքերը», գիրքի ողջունահանդէսի ժամանակ ունեցած իր ելոյթին մէջ նշեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Ալպերթ Աճէմեանը:
«Սովետական ամբողջատիրական համակարգը, «սովետական մարդ» կերտելու իր առաջադրանքին հաւատարիմ, յաջողեց արգելել ամբողջ 70 տարիներ յետ նայելու եւ տեսնելու ճշմարտութիւնն իր մօտիկ անցեալի պատմութեան, ճանաչելու իրական դէմքը այդ դարաշրջանի պատմութիւնը կերտող հերոսների, քաղաքական, կուսակցական, պետական գործիչների», ըսաւ Ա. Աճէմեան:
Այդ քաղաքական, պետական եւ կուսակցական գործիչներէն մէկը Արշալոյս Աստուածատրեանն էր, ով երկար տարիներ եղած է այդ իրադարձութիւններու անմիջական մասնակիցը եւ ականատեսը՝ որպէս ուսուցիչ, Երեւանի կայազօրի դատական բաժինի վարիչ, Երեւանի նահանգի զինուորական խորհուրդի գործադիր կոմիտէի անդամ, Երեւանի Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ, Յատուկ կոմիտէի վարիչ մարմինի անդամ: Աստուածատրեանը եղած է Արամ Մանուկեանի ամենամօտ գործակիցը եւ աջակիցը, մասնաւորապէս՝ Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն, Քաջազնունիի կառավարութեան օրօք՝ որպէս լուսաւորութեան նախարար, այնուհետեւ եղած է Երեւանի քաղաքապետի օգնական, իսկ Մ. Մուսինեանի հրաժարականէն յետոյ՝ Երեւանի երկրորդ քաղաքապետ:
1921 թուականին Փետրուարեան ապստամբութենէն յետոյ հեռանալով Հայաստանէն՝ տեղափոխուած է Իրան, այնուհետեւ՝ Չեքոսլովաքիա, այդտեղէն ալ՝ Հարաւսլաւիա: Մինչեւ կեանքի վերջը ապրելով Պելկրատի մէջ՝ ան երբեք չէ խզած կապը հայրենիքի հետ: Այս փաստի վառ ապացոյցն են թղթակցութիւնները, որոնք տպագրուած են «Յուսաբեր», «Հայրենիք» եւ հայկական այլ պարբերականներուն մէջ: Սիմոն Վրացեանի հաստատումով՝ Ասուածատրեանի յօդուածները սիրով ընթերցուած են բոլորին կողմէ, որովհետեւ «Արշալոյս Աստուածատրեանը պարկեշտ եւ ճշմարտութեանը նախանձախնդիր մտաւորական այր է»:
«Սարդարապատի պատմաշինութիւնը եւ այլ երկեր» գիրքին մէջ ամփոփուած են նաեւ «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ տպագրուած՝ Աստուածատրեանի գրիչին պատկանող երկու տասնեակ յօդուածներ՝ նուիրուած հայ ազատագրական շարժման ու նշանաւոր գործիչներուն:
Ժողովածուն կազմած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Գրիգորեանը: Ան առաջին անգամ Արշալոյս Աստուածատրեանին մասին լսած է վերջինիս քրոջմէն. «Քոյրը վախվխելով պատմում էր իր եղբօր մասին, եւ շատ զարմանում էր, որ այդպիսի մեծ անձնաւորութեան մասին մենք մինչեւ հիմա ոչինչ չգիտէինք», ըսաւ Վ. Գրիգորեանը եւ աւելցուց, որ հրատարակուածը միայն մէկ մասն է այն հրաշալի գրական ժառանգութեան, որ մեզ թողած է Արշալոյս Աստուածատրեանը:
«Այս գրքի հրատարակութեան շնորհիւ հասարակութիւնը կը ճանաչի եւս մի գրական մեծութեան, որը ոչ միայն գրել է, այլեւ Սարդարապատի պաշտպանութեան կազմակերպիչներից մէկն է», նշեց պատմաբանը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով այն բոլոր մարդոց, որոնք աջակցած են ժողովածուի աշխատանքներուն: Այս գործին մէջ իր մեծ աւանդը ունեցած է Աստուածատրեանի աւագ դստեր որդին՝ Սուրէն Հուսինեցը: Ան Պելկրատէն բերած եւ Վ. Գրիգորեանին յանձնած է պապիկէն մնացած թուղթերը, նամակներու սեւագրութեան մատեանը:
Սուրէն Հուսինեցը ներկայ էր գիրքի ողջունահանդէսին: Ան յուշեր պատմեց իր պապէն եւ ծնողներէն, որոնց հետ, ճակատագիրի բերումով, շատ կարճ ժամանակ ապրած է: Արժեւորելով ժողովածուն՝ ան յոյս յայտնեց, որ այս գիրքի շնորհիւ հասարակութիւնը կը ճանչնայ Արշալոյս Աստուածատրեանը: