Երկրորդ տարին ըլլալով, «Յուսաբեր» Մշակութային ընկերակցութեան նոր սերունդի «Սարտարապատ» պարախումբը, իր 38 եւ մեծամասնաբար եօթէն 16 տարեկան անդամ-անդամուհիներով, ներկայացաւ եգիպտահայ մշակութասէր հասարակութեան՝ հայկական տոհմիկ, նաեւ արդի, եգիպտական, լիբանանեան, յունական պարերու ճոխ եւ հմայիչ յայտագրով մը:
Գահիրէի «Ժեզուիթ» վարժարանի ընդարձակ սրահը Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2006ի երեկոյեան ժամադրավայրը դարձած էր շուրջ 500 հայ եւ օտար հանդիսականներու, որոնք ջերմ խանդավառութեամբ ողջունեցին պարախումբի անդամները, պարուսոյց տիկին Քարոլին Մազլումեանը, բոլոր գործակիցներն ու օժանդակողները:
Երեկոյթին, զոր կը հովանաւորէր թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ կը նախագահէին տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Սօնա Գազանճեաններ, ներկայ էին հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գուսան եպս., հիւրաբար Գահիրէ գտնուող հայ կաթողիկէ երեք այլ եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ, Գահիրէի համայնքի հոգեւոր հովիւ Զենոն քհնյ. Բարսեղեան, Գահիրէի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչ՝ Ա. քարտուղար Տիգրան Գէորգեան եւ տիկինը, Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ Ազգային իշխանութեանց անդամներ, իրենց ատենապետերուն գլխաւորութեամբ:
Հանդիսասրահ մուտքին հանդիսականներուն բաժնուած գեղատիպ յայտագիրը, խումբի անդամներու նկարներով եւ աջակիցներու անուանացանկով, գաղափար մը կու տար պատասխանատուներու թէ ծնողներու տարած աշխատանքի ծաւալին, ճիգին ու կատարած զոհողութիւններուն, ինչպէս նախաճաշակ մը՝ ներկայացման:
Եգիպտոսի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յաջորդաբար հայերէն եւ անգլերէն ողջոյնի խօսքեր ուղղեցին Սօսէ Կրպոյեան եւ Նորա Քէօհնէլեան:
Սօսէ Կրպոյեան նշելով հայ երգի, երաժշտութեան եւ պարարուեստի յառաջապահ դիրքը համաշխարհային մշակոյթին մէջ, ընդգծեց՝ ազգային մշակոյթի տարրերը սերունդէ սերունդ փոխանցելով ազգի պահպանման եւ աշխուժացման ծառայելու գաղափարը, անդրադարձաւ 1970ական թուականներուն «Սարդարապատ» պարախումբի կազմութեան, ղեկավարութեամբ Շաքէ Յովակիմեանի: Ան, յանուն Մշակութային ընկերակցութեան եւ պարախումբին, ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին բոլոր մասնակիցներուն:
Իսկ օտար հասարակութեան հասցէագրուած իր խօսքին մէջ, Ն. Քէօհնէլեան վեր առաւ «Յուսաբեր» Մշակութային ընկերակցութեան նպատակներէն՝ հայ արուեստին ու մշակոյթին ընդմէջէն ազգային ոգին ու ժառանգութիւնը վառ պահելու առաջադրանքը, նշեց՝ որ հայ ազգի աւելի քան չորս հազարամեայ պատմութեան անբաժան ուղեկիցն է եղած հայկական պարարուեստը՝ իր եզակի արտայայտչականութեամբ:
Բացման զոյգ խօսքերով յատուկ ողջոյն ուղղուեցաւ եգիպտացի ժողովուրդին ու երկրի նախագահին:
Հայկական մանրանկարչութեամբ յարդարուած բեմին վրայ, յայտագիրի զոյգ բաժիններով ներկայացուեցան 17՝ խմբական, զոյգերու եւ մենապարեր, կրտսերներու, պարման-պարմանուհիներու եւ երիտասարդուհիներու կատարմամբ, խանդավառութեան ալիքներ բարձրացնելով սրահին մէջ:
Յայտագիրի առաջին բաժինով յաջորդաբար ներկայացուեցաւ՝ փոքրիկ աղջնակներու «Կռունկներ», պարմանուհիներու «Եաման եար», «Զոյգ աչքեր» զուգապարը, երիտասարդուհիներու քառեակի «Նազ ունի», փոքրիկներու «Զուարթ պար», երիտասարդուհիներու «Էլեկիա», փոքրիկներու «Արդի պար» եւ լիբանանեան «Տապքէ» երիտասարդուհիներու խմբապարը:
Երկրորդ բաժինը կ’ընդգրկէր՝ 18 աղջնակներու «Կակաչներ»ը, գաւառական խմբապար «Սեւանի»ն, «Մախմուր աղջիկ» մենապարը, «Յունական պար», «Շալախօ», պատանիներու «Քաջ տղաներ», «Արաբական պար» խմբապարերը, տարբեր սերունդի ներկայացուցիչներ համախմբած «Տըլէ եաման»ն ու վերջապէս եզրափակիչ «Սարդարապատ» պարը՝ խումբի բոլոր անդամներուն մասնակցութեամբ:
Ինչպէս իւրաքանչիւր համար, այնպէս ալ մօտ երկու ժամ տեւած յայտագրի աւարտին, հանդիսականները խանդավառ եւ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Սարտարապատ» նոր սերունդի պարախումբին անդամ-անդամուհիները, մեծապէս գնահատեցին խումբի ղեկավար Քարոլին Մազլումեանի սիրայօժար, տքնաջան եւ ամիսներու վրայ երկարած աշխատանքը, որ ահա երկրորդ տարին ըլլալով ակումբի անդամներէն հաւաքագրած խումբով կը մարմնաւորէ իր յղացումներն ու կը բեմադրէ զանոնք, ջանալով լաւագոյնը հրամցնել հանրութեան:
Երեկոյթի աւարտին հրաւիրուելով բեմ, Ք. Մազլումեան շնորհակալութեան սրտի խօսքն ուղղեց ներկաներուն, կազմակերպիչ մարմինին ու բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան երեկոյթի պատրաստութեան եւ յաջողութեան:
Արդարեւ, քուլիսային աշխատանքներուն լծուած կամաւոր օժանդակներու խումբը, գէթ անոնք, որոնց անունները յայտագիրին մէջ նշուած են՝ Մանուշ Կապէեան, Անի Աւետանեան, Թալին Սագայեան, Արաքսի Յովակիմեան, Ծովիկ Աւետանեան եւ Նորա Էտուար, Արա Քէօհնէլեան, Արթօ Սրապեան, Յարութիւն Պալեան եւ Ռոպէր Թաշճեան, իւրաքանչիւրը իր բաժինը բերաւ ընդհանուր գործին յաջողութեան:
Կարելի չէ դրուատանքի խօսք չուղղել նաեւ պարախումբի անդամ-անդամուհիներու ծնողներուն, որոնք լծակիցները եղան աշխատողներուն, միաժամանակ՝ խթանողներն ու քաջալերողները:
Վարձքը կատար բոլորին: Միշտ սպասողն ենք աւելիին:
(ԹՂԹԱԿԻՑ)