ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երկրորդ հանգրուանէն ետք, ելեւմուտքի նախկին նախարար Ժան Լուի Պորլու նշանակուեցաւ փոխվարչապետ, փոխարինելով ընտրութիւններուն ընթացքին պարտութեան մատնուած Ալէն Ժիւփէն։ Պորլուի փոխարէն տնտեսութեան նախարար նշանակուեցաւ Քրիսթին Լակրանտը, որ նախապէս երկրագործութեան նախարար էր։
Նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր կառավարութիւնը վերադասաւորման ենթարկեց՝ ի տես խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին իր կեդրոն աջ Ժողովրդային շարժումի համար համախմբում կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքին, որ ակնկալուածէն պակաս էր։ Աջակողմեան ականաւոր դէմքերէն Ժիւփէ հրաժարեցաւ, երբ Պորտոյի իր ընտրատարածքին մէջ պարտութեան մատնուեցաւ։
Նախագահական բանբեր մը յայտնեց, որ Քրիսթին Լակրանտին տեղ երկրագործութեան նախարարը արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ եւրոպական նախկին յանձնակատար Միշէլ Պարնիէն է։ Լակրանտ իբրեւ տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի պատասխանատու պիտի վերահսկէ նախագահ Սարքոզիի խոստացած բարեփոխումներուն, ներառեալ՝ գործատէրերու տուրքերու նուազեցման եւ աշխատանքի շուկան ազատականացնելու քայլերուն։ Ան առաջին կինն է, որ այս պաշտօնը կը վարէ Ֆրանսայի մէջ:
Սարքոզիի կարեւոր դաշնակիցներէն Ֆրանսուա Ֆիյոն կը շարունակէ պահել վարչապետի պաշտօնը։ Ան չափաւոր պահպանողական ծերակուտական մըն է, որ Սարքոզիի յաջողութեամբ պսակուած նախագահական ընտրապայքարին ղեկավարման օժանդակեց։ Պորլու Ֆիյոնի փոխանորդն է եւ կը վարէ ուժանիւթի, կենսոլորտի եւ փոխադրամիջոցներու վերահսկող նախարարութիւնը։
Պորլու քննադատութեան ենթարկուեցաւ, երբ յայտնեց, թէ կառավարութիւնը կը պատրաստուի կարգ մը տուրքեր բարձրացնել։ Ժողովրդային շարժումի համար համախմբում կուսակցութենէն շատեր զինք այպանեցին խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ կուսակցութեան սպասուածէն նուազ տարողութեամբ յաղթանակին համար։
Նոր կառավարութիւնը նաեւ պիտի ունենայ 11 պետական քարտուղար, որոնց թիւը Հոկտեմբերին պիտի բարձրանայ 12ի, երբ Ֆրանսայի ռակպիի ազգային խումբի մարզիչ Պեռնար Լափորթ միանայ կառավարութեան՝ իբրեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան պետական քարտուղար։