Ամերիկեան «Ուոլ սթրիթ ճըռնըլ» թերթը անցեալ Ուրբաթ օր հրապարակեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի «Հակառակ Ցեղասպանութեան» վերնագրուած յօդուածը, որուն մէջ ան յոյս կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները պիտի ընձեռեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու հաստատման՝ երկար սպասուած կարելիութիւնը։
«Մենք կը կարծենք, որ բանակցելով անդամակցութեան հարցով, թերեւս ալ իբրեւ Եւրոպական միութեան ապագայ անդամ երկիր՝ Թուրքիան կը նպաստէ տնտեսապէս աւելի ուժեղ եւ աւելի կայուն դրացնութեան», կը գրէ Սերժ Սարգսեան եւ կ՚աւելցնէ. «Ատիկա կը բխի թէ՛ Թուրքիոյ, եւ թէ Հայաստանի շահերէն»։
Ս. Սարգսեան համոզում կը յայտնէ, որ թուրք-հայկական յարաբերութիւնները եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը կարեւոր գործօններ են, «որոնց քննարկումը, անշուշտ, անհրաժեշտ է Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հարցով Թուրքիոյ բանակցութիւններուն ընթացքին»։ Ան նաեւ նշած է, որ կարեւոր է յիշել անցեալը՝ կանխելու համար մարդկութեան դէմ նման յանցագործութիւններու կրկնութիւնը։
«Մենք կ՚ակնկալենք, որ Եւրոպական միութիւնը աւելի եւս կը ներգրաւուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ճեղք մը արձանագրելու ուղիներու փնտռտուքին մէջ», գրած է Ս. Սարգսեան։
Ըստ Ս. Սարգսեանի, Թուրքիոյ հետ ապագայ յարաբերութեանց հարցին մէջ Հայաստան որդեգրած է շիտակ եւ գործնական դիրքորոշում։ «Մենք կ՚ողջունենք բնականոն դիւանագիտական եւ այլ յարաբերութիւններու հաստատումը՝ առանց նախապայմաններու։ Ատիկա կը ներառէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը չկապելը։ Սակայն ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք կ՚ուզենք նման դիւանագիտական յարաբերութիւններ օգտագործել իբրեւ մեր յարաբերութիւնները ծանրաբեռնող հարցերը յաղթահարելու միջոց», նշած է Ս. Սարգսեան։