ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Գիւմրիի մէջ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, որ մօտիկ ապագային զինուորական գործողութիւններ չեն սկսիր՝ հակառակ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:
Զինուորներու ընտանեկան պարագաներու հետ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Ատրպէյճանցիներն այսօր չեն կարող ռազմական գործողութիւն սկսել եւ յաջողութիւն ունենալ. դա ե՛ւ իրենք գիտեն, ե՛ւ մենք»:
Ան ատրպեճանական ռազմաշունչ յայտարարութիւնները պայմանաւորեց այն հանգամանքով, որ անոնք կը փորձեն հիմնաւորել եւ արդարացնել զինուորական բնագաւառին մէջ մեզմէ շատ աւելին ծախսելու իրենց քայլերը:
Ըստ Ս. Սարգսեանի, այսօր ով որ պատերազմ կը նախաձեռնէ, մեծ վնասներ կը կրէ, քանի որ սահմանի երկայնքին դիրքերու հսկայական ամրապնդում կայ եւ զինուորները լաւ պատսպարուած են: Նախարարի խօսքերով, ատրպէյճանցիները ռազմական գործողութիւններ չեն սկսիր նաեւ միջազգային հանրային կարծիքի ճնշումին բերումով: Ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղություն վիճակը խախտողը չի կրնար շահիլ, քանի որ ներկայիս կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցութիւնները: