ՊԵԼԿՐԱՏ, «B 92».- Սերպական «Զաստաւա» սպառազինութեան գործարանի կառավարիչ Տրակոլիւպ Կրոյովիչ Յունուար 3ին յայտարարած է, որ Սերպիոյ միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու նախարարութիւնը խոստացած է տօնական օրերուն յաջորդող առաջին աշխատանքային օրը արտօնել գործարանին արտածելու իր արտադրանքը Հայաստան:
Ան յոյս յայտնեց, որ զէնքերու առաջին խմբաքանակը Հայաստան պիտի ուղարկուի Յունուարի վերջին օրերուն, իսկ մնացեալը՝ մինչեւ Մարտի աւարտ:
2.61 միլիոն տոլար արժէքով այս գործարքը Սերպիոյ մէջ բաւականին մեծ աղմուկ բարձրացուց: Պայմանագիրը ստորագրուած էր 2006ի ամառը, բայց աշնան Սերպիոյ կառավարութիւնը արգելք դրած էր անոր վրայ: