ՓՐԻՍԹԻՆԱ, «Ռոյթըրզ».- Սերպիոյ իշխանութիւնները կտրուկ կերպով մերժեցին Ուրբաթ, Փետրուար 12ին ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Մաթի Ահթիարիի կողմէ հրապարակուած Քոսովօ նահանգին առնչուող այն ծրագիրը, որ առանց «անկախութիւն» բառը գործածելու կը նախատեսէ անկախ Քոսովոյի մը հաստատումը, միջազգային հովանիի տակ:
Սերպիոյ նախագահ Պորիս Թատիչ յայտարարեց, թէ ՄԱԿի ծրագիրը մեծամասնութեամբ ալպանացիներով բնակեցուած «Քոսովոյի անկախացման կրնայ առաջնորդել», որովհետեւ արտօնութիւն կու տայ Քոսովոյի անջատ սահմանադրութիւն մը որդեգրելու, միջազգային համաձայնագրեր կնքելու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութեան անդամակցելու, առանց Պելկրատի արտօնութեան:
Իր կարգին, Քոսովոյի նախագահ Ֆաթմիր Սէյտիու ողջունեց ՄԱԿի 60 էջնոց ծրագիրը եւ աւելցուց, թէ անկախացած Քոսովոյի իշխանութիւնները պիտի երաշխաւորեն սերպ փոքրամասնութեան իրաւունքները:
Ահթիարի յայտնեց, թէ ծրագիրը նախագիծ մըն է, որ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել եւ կողմերը Փետրուար 13ին գումարուելիք հանդիպումի մը հրաւիրեց: