ՄԱՏՐԻՏ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ, Յունիս 23ին, «Ռէալ Մատրիտ»ի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը՝ «Սեւիլլա»ի եւ «Կեթաֆէ»ի միջեւ: Մրցումին ներկայ էր 80 հազար համակիր:
«Եուէֆա»ի եւ Եւրոպայի Գերբաժակի տիտղոսներուն տիրացած «Սեւիլլա» այս տարեշրջանի իր երրորդ բաժակը շահեցաւ, 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր մրցակիցը: Ֆրետերիք Քանութէ նշանակեց յաղթական կազմին եւ մրցումին միակ կօլը (89րդ):
Նկարին մէջ, յաղթական կազմին մարզիկները իրենց նորագոյն բաժակը կը ցուցադրեն իրենց քաղաքին մէջ, Կիրակի օր տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին: