ԷՉՄԻԱԾԻՆ, Մայր Աթոռի Մամլոյ Դիւան.- Նոյեմբեր 12ին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ՝ Սկեւռայի մասնատուփերու Էջմիածին բերուելուն առիթով:
Սկեւռայի մասնատուփը քրիստոնեայ աշխարհի կարեւորագոյն սրբութիւններէն է, որ պատրաստուած է 1283ին Սիսի Կոստանդին արքեպիսկոպոսի հրամանով եւ կը բովանդակէ 18 սուրբերու մասունքներ: Մասնատուփը Ռուսիոյ Էրմիթաժ թանգարանին կողմէ 2000ին նուիրուեցաւ Հայոց եկեղեցւոյ եւ պահուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի նորաօծ Ս. Կատարինէ հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Մասնատուփը ապա Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեանի ճիգերով Մայր Աթոռ փոխադրուեցաւ՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գահակալութեան 7րդ տարեդարձին առիթով:
Արարողութեան աւարտին, մասնատուփը տեղափոխուեցաւ Ս. Էջմիածնի «Ալէք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատուն: