ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Յունուար 17ի դրութեամբ, HSBC դրամատունը վճարած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու մօտ 100 ժառանգորդներու հատուցումները: Այս մասին յայտնած է դրամատան կառավարիչներէն Սուրէն Զօհրապեան եւ նշած է, որ Հայաստանի մէջ հատուցում պիտի ստանան Ցեղասպանութեան զոհերու աւելի քան 1200 ժառանգորդներ, որոնց նախնիները ապահովագրուած են ամերիկեան New York Life Insurance ապահովագրական ընկերութեան կողմէ, եւ Հայաստանի մէջ տրամադրուելիք հատուցման ընդհանուր չափը 3 միլիոն 675 հազար տոլար է:
Յիշեցնենք, որ վճարումները կը կատարուին ամերիկեան Վարդգէս Եղիայեան փաստաբանական գրասենեակ ընդդէմ New York Lile Insurance ապահովագրական ընկերութեան հայցի դատավարութենէն յետոյ կնքուած դատական որոշումի հիման վրայ: Փաստաթուղթը հաստատուած է 2004ի Յուլիս 30ին եւ ուժի մէջ մտած է Սեպտեմբեր 1էն: Վճարումները կատարելու իրաւասութիւնը HSBC դրամատան տրուած է համապատասխան հիմնադրամի խորհուրդի կողմէ:
Վճարում կը կատարուի 26 երկիրներու մէջ եւս: Այս նպատակով նախատեսուած է շուրջ 8 միլիոն տոլար: Ընդհանուր առմամբ, ամերիկեան ապահովագրական ընկերութիւնը հատուցումի դիմում ստացած է Ցեղասպանութեան զոհերու 2515 ժառանգորդներէ: