ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ սկսած են ստորգետնեայ եւ վերգետնեայ անցումներու կառուցման աշխատանքները՝ համաձայն Երեւանի ճանապարհային ցանցի արդիականացման նպատակով մշակուած 2007-2011ի ծրագիրի:
Ըստ Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Սամուէլ Դանիէլեանի, Խանջեան-Տիգրան Մեծ փողոցներու խաչմերուկին պիտի կառուցուի անցում մեքենաներու համար: Ըստ նախագիծի՝ փողոցներու հատման կէտին Խանջեան փողոցը պիտի անցնի Տիգրան Մեծ փողոցի տակէն: Մէկական ստորգետնեայ անցում պիտի կառուցուի Վարդանանց-Խանջեան եւ Իսահակեան-Նալբանդեան փողոցներու խաչմերուկներուն, որոնց շինարարական աշխատանքները պիտի աւարտին Սեպտեմբերին:
Ս. Դանիէլեան նշեց նաեւ, որ յառաջիկային Իսակովի պողոտայի վրայ պիտի սկսին երեք ստորգետնեայ անցումներու կառուցման աշխատանքները: Այս տարի կը նախատեսուի մէկ անցում կառուցել նաեւ կենդանաբանական այգիի դիմաց:
Նշենք, որ 2007-2011ի ծրագիրով կը նախատեսուի կառուցել նաեւ նոր ճանապարհներ եւ ճանապարհային հանգոյցներ: Մինչեւ 2011 իւրաքանչիւր տարի Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի 3-4 ստորգետնեայ եւ վերգետնեայ անցում: