ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Յունիս 20ին ԼՂի մէջ սկսաւ Յուլիս 19ին նախատեսուող նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւը:
ԼՂՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նիստին, յանձնաժողովի նախագահ Սերկէյ Նասիբեան տեղեկացուց, որ սահմանուած է զանգուածային լրատուամիջոցներով նախընտրական քարոզչութիւն կատարելու նպատակով նախագահի թեկնածուներու հանրային հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի անվճար ու վճարովի եթերաժամ տրամադրելու կարգը:
Համաձայն այս դրութեան, նախընտրական քարոզչութեան ժամանակամիջոցին, իւրաքանչիւր թեկնածու իրաւունք ունի օգտուելու ոչ աւելի, քան 30ական վայրկեան՝ անվճար եւ 80ական վայրկեան՝ վճարովի հիմունքներով: ԼՂՀ ԿԸՅի տուեալներով՝ քարոզարշաւի առաջին օրը, իւրաքանչիւր թեկնածուի պիտի տրամադրուի 4ական, իսկ վերջին օրը՝ Յուլիս 17ին, 5ական վայրկեան անվճար եթեր: