ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Հաւիէ Սոլանա Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին հասաւ Պէյրութ, Միջին Արեւելք կատարած իր շրջապտոյտին ծիրէն ներս:
Սոլանա Պէյրութի միջազգային օդակայանէն շնորհաւորեց լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակը «Ֆաթհ իսլամ» կազմակերպութեան դէմ, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց բոլոր նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն:
Սոլանա օդակայանէն անմիջապէս ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ։ Երկու ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Սոլանա յայտնեց, որ վարչապետ Սինիորայի հետ քննած են լիբանանեան ներքաղաքական բեմը յուզող բոլոր հարցերը, որոնց կարգին նաեւ նախագահական ընտրութիւնները։
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւս ընդունեց Սոլանան՝ ներկայութեամբ «Ամալ» շարժումի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ալի Համտանի։
Հանդիպումէն ետք Սոլանա մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել։
Նշենք, որ Սոլանա այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին հետ։
Աւարտելէ ետք իր հանդիպումները, Սոլանա օդակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ լաւ տպաւորութիւններով կը մեկնի Լիբանանէն։
Ան մաղթեց, որ այս նախագահական ընտրութիւնները կը կատարուին լիբանանեան սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին։
«Կը փափաքինք, որ այդ ընտրութիւնը ըլլայ օրինական եւ սահմանադրական, որպէսզի լիբանանցի ժողովուրդը կարենայ ընտրել հանրապետութեան ատակ նախագահը», նշեց Սոլանա։
Սոլանա նաեւ նշեց, որ Եւրոպական միութիւնը պիտի օժանդակէ Նահր էլ Պարէտ գաղթակայանին վերակառուցման եւ խոստացաւ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական գետնի վրայ շարունակել զօրակցիլ Լիբանանի։
Նկարին մէջ, Սոլանա եւ Պըրրի: