ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Յունիսին մայրաքաղաքէն հեռացուած Սոմալիի ժամանակաւոր կառավարութեան համակիր զինուորներ, Եթովպիոյ զինուորական ուժերու օժանակութեամբ, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին մայրաքաղաքէն ներս մուտք գործեցին, երբ Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալները հոնկէ անակնկալօրէն քաշուեցան:
Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալներուն ղեկավարներէն մէկը ըսաւ, որ իրենք պարզապէս փոխած են իրենց մարտավարութիւնը: «Մեր պատերազմի օձերը ազատ արձակեցինք, եւ անոնք թշնամին պիտի խայթեն Սոմալիի ամբողջ տարածքին, ամէն տեղ», ըսաւ ան, ակնարկելով հրոսակային եւ ահաբեկչական մարտավարութեան:
Ափրիկեան միութեան գործադիր խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով մը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը պահանջեց, որ բոլոր օտար դերակատարները՝ ներառեալ Եթովպիան, Սոմալիայէն դուրս բերեն իրենց ուժերը:
Միութեան նախագահ Ալֆա Օմար Քոնարի կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին նեցուկ կանգնելու Սոմալիի ժամանակաւոր կառավարութեան:
Սոմալիոյ մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ֆրանսուա Լոնսէնի Ֆալ կոչ ուղղեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին անմիջական զինադուլ պահանջելու հակամարտ կողմերէն:
Միւս կողմէ, Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը ստանձնած Քաթարի ներկայացուցիչին պատրաստած նախագիծին շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ:
Բանաձեւը կը պահանջէր անմիջական զինադուլ եւ բոլոր օտար ուժերուն, մանաւանդ եթովպիական ուժերուն հեռացումը: Խորհուրդի միւս անդամները, մանաւանդ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Չինաստանը, Ֆրանսան եւ ափրիկեցի անդամներ Ղանան եւ Թանզանիան, բողոքեցին Եթովպիոյ մատնանշումին դէմ եւ պնդեցին, որ կողմերուն միջեւ քաղաքական համաձայնութիւն մը կանխէ ուժերու որեւէ հեռացում:
Անոնք նշեցին, որ եթովպիական ուժերը նեցուկ կը կանգնին ՄԱԿի հովանաւորութեամբ կազմուած ժամանակաւոր կառավարութեան. ասոր կողքին՝ Սոմալիի մէջ կը գտնուին այլ օտար ուժեր, ի մասնաւորի էրիթրիական ուժեր: