ՄՈԿԱՏԻՇՈՒ, «Ռոյթըրզ».- Սոմալիի մէջ շաբաթասկիզբը սկսած ռազմական գործողութիւնները անկիւնադարձ մը ապրեցան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին, երբ 2006ի առաջին ամիսներէն ի վեր անընդհատ յառաջխաղացք կատարած Իսլամական ատեաններու խորհուրդին զինեալեները շրջափակուեցան Մոկատիշուի մէջ: Անոնք մէկ օր առաջ սկսած էին նահանջել, տեղի տալով Եթովպիոյ եւ ժամանակաւոր կառավարութեան յառաջխաղացքին:
Երեք ճակատներէ յառաջացող ուժերը գրաւցին Ճաուհար եւ Պալատ քաղաքները: Այս վերջինը մայրաքաղաք Մոկատիշուէն միայն 18 մղոն հիւսիս կը գտնուի:
Կառավարութեան համակիր ուժերը յայտարարեցին, թէ որոշած են շրջափակել մայրաքաղաքը, անոր վրայ ուղղակի յարձակելու փոխարէն:
Ըստ Եթովիպիոյ իշխանութեանց, ցարդ սպաննուած են Իսլամական ատեաններու խորհուրդին համակիր հազար զինեալներ, մինչ իսլամական ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ յառաջացող ուժերը հարիւրաւոր զոհեր տուած են: Այս տեղեկութիւնները ցարդ կարելի չէ եղած անկախ աղբիւրներէ հաստատել:
Իսլամական ատեաններու զինեալները վերջին քանի մը տարիներուն ժամանակաւոր կառավարութեան համակիր զինուորները դուրս մղած էին Մոկատիշուէն եւ անընդհատ յառաջացած, որու հետեւանքով կառավարութեան հակաշռին տակ մնացած էր միայն Պայտոա շրջանը:
Կառավարութեան ուժերը եթովպիական նեցուկով այս շաբաթասկիզբին սկսան հակայարձակումի՝ ետ քշելով զինեալները:
Սոմալիոյ կառավարութեան բանբեր Ապտըլ Ռահման Տինարի կոչ ուղղեց Իսլամական ատեաններու խորհուրդին անձնատուր ըլլալու՝ խոստանալով ներում շնորհել անոր զինեալներուն, եթէ համոզուին զինաթափ ըլլալ:
Եթովպիոյ վարչապետ Միլիս Զինաուի յայտարարեց, որ իր բանակը Կիրակի օր անմիջական աջակցութիւն ցուցաբերած է Սոմալիի կառավարութեան ուժերուն եւ մասնակցած է մարտերուն: «Մեր ուժերը կատարեցին իրենց առաքելութեան կէսը: Երկրորդ կէսը երկար պիտի չտեւէ, եւ առաքելութեան ամբողջացումէն անմիջապէս ետք մեր ուժերը դուրս պիտի բերենք Սոմալիէն», ըսաւ ան, պնդելով, թէ գործողութիւնը «ինքնապաշտպանութեան» բնոյթ ունի:
Իսլամական ատեաններու խորհուրդի գործադիր մարմինի նախագահ Շէրիֆ Շէյխ Ահմատ յայտնեց, որ իր հրամանատարութիւնը զինեալներուն հրահանգած է մարտավարական նահանջ կատարել կարգ մը շրջաններէ:
«Այս պատերազմը թեւակոխեց նոր փուլ մը, եւ մենք Եթովպիոյ դէմ պիտի կռուինք երկա՜ր, երկա՜ր ատեն: Այս պատերազմը մէկ ճակատի վրայ պիտի չըլլայ, այլ ամբողջ երկիրը պիտի վերածենք պատերազմական դաշտի», ըսաւ ան:
Ահմատ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չտուաւ, բայց իսլամական խմբակի այլ պատասխանատուներ ըսին, որ արդէն սկսած են հրոսակային կռիւի նախապատրաստութիւններուն:
Նկարին մէջ, Սոմալիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան համակիր զինեալներ: