ԽԱՐԹՈՒՄ, «Ռոյթըրզ».- Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիր հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Խարթում իր համաձայնութիւնը տուած է Տարֆուրի մէջ ՄԱԿի խաղաղարար դերակատարութեան:
Տարֆուրի մէջ մարդասիրական աղէտին տարողութիւնը «չափազանցուած է», եւ ճիշդ չեն այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն՝ տագնապի զոհերուն թիւը կը տարուբերի երկու հարիւրէն չորս հարիւր հազարի միջեւ, ըսաւ նախագահը:
«Պետական ուժերուն, ապստամբներուն եւ ցեղախումբերուն միջեւ բոլոր բախումներուն եւ ճակատամարտներուն զոհերուն ընդհանուր թիւը ինը հազարը չ՚անցնիր», ըսաւ ան՝ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին: «Տարֆուրի սահմանակից երկիրներ ապաստանածներուն թիւը 2.5 միլիոնէն շատ նուազ է», աւելցուց ան:
Սուտանցի ընդդիմադիրները սուր քննադատութիւններ ուղղեցին նախագահին: «Երբ կէսօրին կը հերքէ արեւին գոյութիւնը, ան կա՛մ անլուրջ է, կամ ալ մարդիկը ապուշ կը կարծէ», ըսաւ Ժողովրդային քոնկրէս կուսակցութեան ղեկավարներէն Պաշիր Ատամ Ռահման:
«Ումմա» կուսակցութեան բանբեր Մարիամ Մահտի հարց տուաւ, թէ «ինչպէ՞ս կրնայ մեր երկրին նախագահը նսեմացնել մեր ժողովուրդին՝ սուտանցի քաղաքացիներու սպանդը»: