ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ իշխանութիւնները Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին յայտարարեցին, թէ Չորեքշաբթի երեկոյեան սուրիական հակաօդային ուժերը կրակ բացած են իսրայէլեան ռազմական օդանաւի մը վրայ, որ հիւսիս արեւելեան սահմանէն ծովու ճամբով մուտք գործելով խախտած էր սուրիական օդային սահմանները:
Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ օդանաւը «իր զինամթերքին մէկ մասը նետելէ ետք հեռացած է՝ առանց մարդկային կամ նիւթական վնասներ պատճառելու»։
Սուրիա զգուշացուց իսրայէլեան կառավարութիւնը եւ յայտնեց, որ իրեն կը վերապահէ «յարմար պատասխան» տալու իրաւունքը։
Յիշեցնենք, թէ 2006ի Յունիսին իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող նախագահ Պաշշար Ասատի պալատին շատ մօտէն թռիչքներ կատարած էին, երբ ան պալատէն ներս կը գտնուէր: Օրին Դամասկոս խստօրէն դատապարտած էր այդ ոտնձգութիւնը:
Սուրիացի նախարար Պուսայնա Շաապան «Ճեզիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին անգլերէնի բաժանմունքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խստօրէն դատապարտեց Չորեքշաբթի օրուան ոտնձգութիւնը եւ յիշեցուց Իսրայէլի, թէ Սուրիա «ինքնիշխան երկիր մը կը մնայ», եւ Իսրայէլ իրաւունք չունի նման ոտնձգութիւններ շարունակելու:
Յատկանշական է, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն սուրիացի ղեկավարներ, ներառեալ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած էին, թէ Իսրայէլի կողմէ Կոլանի բարձունքներուն բռնագրաւումը «չի կրնար առյաւէտ շարունակուիլ»:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Իսրայէլի կառավարութիւնն ու զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը մերժեցին այս տեղեկութեանց մասին արտայայտուիլ, Իսրայէլի բանակի ձայնասփիւռը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր Սուրիոյ մէջ դիրքեր չեն ռմբակոծած:
Իսրայէլացի մասնագէտ մը աւելի ուշ յայտնեց, թէ Սուրիա մուտք գործած իսրայէլեան օդանաւը կամ օդանաւերը շատ հաւանաբար լրտեսութիւն կը կատարէին, որովհետեւ Իսրայէլ մտահոգ է Սուրիոյ հեռահաս հրթիռներով: