Սուրիոյ երիտասարդական միութիւնը Սեպտեմբեր 24ին կազմակերպեց «Արցախի օր»ը։ Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ արցախեան պայքարի ժամանակաշրջանին իրենց արեամբ մեր հողերը ոռոգած անմոռաց նահատակներու յիշատակին։ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի ժամանող հաւատացեալ ժողովուրդը առիթը ունեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած մեր ազատամարտիկներու նկարներուն ու կենսագրականներուն ծանօթանալու։ Թերեւս յուզիչ էր տեսնել յիսունէ աւելի երիտասարդներու նկարներ, որոնք այսօր մեզի հետ չեն, գացած են անվերադարձ, բայց յուզումի զգացումը կը վերածուէր հպարտանքի, յաղթանակի ու ցնծութեան, երբ կը գիտակցէինք, թէ անոնք իրենց վեհ սկզբունքներուն հաւատարիմ ուզեցին ըլլալ «Մահ իմացեալ անմահութիւն է»ի եւ «Բայց երանի, որ իւր ազգին ազատութեան կը զոհուի»ի անվեհեր խմբակին մաս կազմելով։
Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան։ Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ քալելու մեր նահատակներուն ուղիէն, ըլլալու անձնազոհ ու նուիրեալ եւ երբեք չմոռնալ մեր պատմութիւնն ու ներկայ Արցախն ու արցախահայութիւնը։
Տեղին է յիշել, թէ արցախեան նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հալէպի հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Երեկոյեան «Զաւարեան» սրահին մէջ, խուռներամ բազմութեան ու երիտասարդութեան ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ԼՂՀի անկախութեան 15ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւն։ Հանդիսատեսներու շարքին էին՝ սրբազան հայրը, Ազգ. իշխանութեան մարմիններն ու մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Դրօշակի արարողութենէն եւ Սուրիոյ ու Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը արցախեան նահատակներուն։ Հանդիսութեան արաբերէն բացման խօսքը ներկայացուց Նայիրի Զաքոյեան, իսկ հայերէնը՝ Յարութ Լախոյեան, որ ըսաւ. «Արցախեան պայքարը, ինչպէս ազգը, ունէր պատմական խորք եւ գաղափարական հիմնաւորում, այս մէկը ամրապնդելու համար եկաւ կռիւը, եւ երբ արցախեան գոյամարտի առաջին օրէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մուտք գործեց Լեռնային Ղարաբաղ, իրեն հետ բերելով նաեւ հաւատք, կամք եւ կազմակերպութիւն, անգամ մը եւս փաստեց իր գաղափարաբանութեան ու արժանիքներուն էականութիւնը»։
Ոգեկոչման հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը կ՚ընդգրկէր՝ թատերական ներկայացում, կենդանի պատկեր, երաժշտութիւն, մեներգ, խմբային ասմունք, բուրգ եւ մարտական պար, որոնք կ՚ընդմիջուէին արցախեան պայքարէն հատուածներու ցուցադրութեամբ եւ անոր համապատասխանող նիւթերու ընթերցումով՝ Արցախի պատմական ակնարկ, աշխարհագրութիւն, ժամանակագրութիւն։
Օրուան բանախօսն էր Աւօ Գաթրճեան, որ իր կարգին ըսաւ. «Սեպտեմբեր ամիսը հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ անկախութեան ամիս է։ Այսօր Արցախի անկախութեան 15ամեակի տօնակատարութիւնը պատեհ առիթ նկատելով՝ այստեղ կ՚ուզեմ յիշատակել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 15ամեակը»։ Բանախօսը հակիրճ ձեւով ներկայացնելէ ետք արցախեան պայքարի կարեւոր թուականները շարունակեց. «Ազատագրուած Արցախին հայկական պատկանելիութեան պահպանման եւ հանրապետութեան հզօրացման պայքարէն, ամբողջ հայութիւնը պէտք է պատուով դուրս գայ։ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռակողմանի ազգային կարողականութեան ներդրումով հարկ է շէնցնել ազատագրուած տարածքները, շինուին բնակարանները, բազմանան կրթօճախները, յառաջանան գիւղային եւ քաղաքային ենթակառոյցները, որպէսզի հզօրանայ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը՝ Միացեալ Հայաստանի հանգրուանային առաջին իրագործումը»։
Բանախօսը, անդրադառնալով Արցախի անկախութեան անհրաժեշտութեան՝ ըսաւ. «Արցախի արձանագրուած յաղթանակէն անհրաժեշտ է քաղել դասեր, որովհետեւ մեր միասնականութեամբ, բոլոր ուժերու լարումով է, որ անկախացաւ ու ծնաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Քանի որ միասնութիւնն ու սէրը, զօրութեան ու յաջողութեան երաշխիքներն են։ Ուրեմն ըլլանք աւելի՛ խոհուն՝ դուրս վանելով ամէն տեսակի «ես»ական եւ ինքնափաստումի մտայնութիւն։ Ըլլանք միայն ու միայն ազգի շահերով տոգորուած ու լիցքաւորուած հայեր՝ յանուն սուրբ հայրենիքի վերելքին, յանուն հարիւրաւոր նահատակներու թափած արեան։ Եկէ՛ք այս տեսլականով, այս գաղափարականով շարունակենք մեր մասնակցութիւնը՝ միշտ զգօն ու պատրաստ ըլլալով։ Ո՞վ գիտէ վաղը թերեւս Չաւախքը մեր կարիքը ունենայ»։
Ան իր խօսքը եզրափակելով՝ ըսաւ. «Ուրեմն արիւնով անկախութիւնը ձեռք բերողներուն շիրիմին անգամ մը եւս կը զետեղենք ծաղկեպսակներ ու պատուանշաններ՝ խոնարհելով անոնց ռազմիկի հերոսական նուիրումին առջեւ»։
Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը՝ փոխանցելու համար իր սրտի խօսքը։ Առաջնորդ սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան բանախօսին՝ իր օգտաշատ, ինքնավստահ ու մասնագիտական ներկայացումին համար, ապա ազգայնաշունչ, ոգեւորիչ ու տպաւորիչ պատգամով կրկնապատկեց սրահին մէջ կլանուած հայրենասիրական ու ազգանուիրման հարազատ զգացումները։
Հանդիսատեսը վերանորոգած էր իր ազգային ոգին, հպարտ էր իր պատմութեամբ, փառք կու տար իր նահատակներուն, կ՚ուխտէր հաւատարիմ մնալ անոնց արեան կանչին եւ լաւատես էր իր ազգի ու հայրենիքի ապագայի նկատմամբ։
Սրբազան հօր պահպանիչէն ետք «Մշակ բանուոր» քայլերգով վերջ գտաւ ոգեկոչման հանդիսութիւնը։
ԹՂԹԱԿԻՑ