ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սուրիա համաձայն է, որ Հայաստան դէտի կարգավիճակ ստանայ Արաբական լիկային մէջ, Դեկտեմբեր 5ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին նշեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան ժամանակաւոր հաւատարմատար Մուխլիս Ֆարաուն եւ յայտնեց, որ դէտ դառնալը հնարաւորութիւն կու տայ ամրապնդելու Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու կապերը:
Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Արաբական լիկայի միջեւ 2005ի Յունուարին Գահիրէի մէջ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր, որ հնարաւորութիւն կ’ընծայէ այդ կառոյցին հետ քաղաքական խորհրդակցութիւններ կատարել, մշակութային ու կրթական գործակցութիւն հաստատել:
Լիկային դէտի կարգավիճակ ստանալու փափաք յայտնած են նաեւ Թուրքիան եւ Իրանը: