ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց, որ Սուրիա-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւնները հաւանաբար վերջին առիթը ըլլան Իրաքի, որ խուսափի ամբողջական տարողութեամբ քաղաքացիական պատերազմէ:
Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Կուտ մորնինկ Ամերիքա» յայտագրին Երեքշաբթի, Փետրուար 6ի հաղորդումէն սփռուած հարցազրոյցին մէջ, Ասատ քննադատեց ամերիկեան վարչակազմը: Ան ըսաւ, որ նախագահ Ճորճ Պուշի վարչակազմը Իրաքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու տեսլական չունի: Նախագահ Ասատ դրուատիքով խօսեցաւ նախկին նախագահ Ճորճ Պուշի մասին՝ յիշեցնելով, որ ան վճռակամ էր Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գծով:
Սուրիոյ ղեկավարը հաստատեց, որ իր երկիրը կրնայ օգնել Իրաքի տարբեր հատուածներուն միջեւ բանակցութիւններու կայացման եւ արդիւնաւորման: «Մենք միակ դերակատարները չենք. բայց այս հարցին մէջ մենք ենք գլխաւոր դերակատարները. ատոր համար կրնանք օգնել վերջ դնելու վայրագութեան», ըսաւ ան:
Նախագահ Ասատ նաեւ ըսաւ, որ հակառակ Քոնկրէսի բանեցուցած ճնշումներուն, չի կարծեր, թէ Պուշի վարչակազմը Իրաքի խաղաղութեան համար դիւանագիտական միջոցառումներու պիտի դիմէ: «Անոնց համար շատ ուշ է այդ ուղղութեամբ յառաջանալու: Ասիկա չի նշանակեր, թէ անկարելի է շրջել ընթացքը: Ճիշդ է, որ իրաքցիք ընդհանուր քաղաքացիական պատերազմի ուղղութեամբ կ՚երթան. այս պատճառով է, որ մեր գործակցութիւնը այդ պատերազմը կանխարգիլելու վերջին առիթը կրնայ ըլլալ», ըսաւ ան:
Նախագահ Ասատ հաստատեց, որ Դամասկոս լաւ յարաբերութիւններ ունի իրաքեան բոլոր կողմերուն հետ, եւ Սուրիան ու Իրանը շահագրգռուած են Իրաքի մէջ խաղաղութեան հաստատումով. «Եթէ Իրաքի մէջ այդպիսի իրարանցում ստեղծուի, անիկա անդրադարձ պիտի ունենայ Սուրիոյ եւ այլ երկիրներու վրայ: Ուրեմն՝ ան, որ կ՚ըսէ, թէ Սուրիա եւ այդ երկիրները Իրաքի այս կացութիւնը կը բորբոքեն, կարծէք կ՚ըսեն, թէ սուրիական կառավարութիւնը կ՚աշխատի սուրիական շահերուն դէմ: Ասիկա անկարելի է»:
Ասատ յիշեցուց, որ Սուրիա աւելի քան 600,000 իրաքցի գաղթականներ կը հիւրընկալէ, ինչ որ տնտեսական ծանր բեռ մըն է երկրին համար:
Ան շեշտեց, որ ամերիկացիք ունին իրենց յանցանքի կարեւոր բաժինը Իրաքի ներկայ կացութեան մէջ, որովհետեւ անոնք են երկրին քաղաքական կացութեան պատասխանատուները: «Անոնք կը խօսին միմիայն բանակներու եւ ուժի մասին, բայց ոչ՝ քաղաքական գործընթացին», եզրակացուց Ասատ:
Նկարին մէջ, իրաքցի գաղթական մը ուտեստեղէն կը ծախէ Դամասկոսի հարաւային արուարձաններէն մէկուն մէջ: