ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ,«Ռոյթըրզ»- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հինգշաբթի օր իր տուած արտակարգ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ ամերիկացի յատուկ գործողութիւններու ուժերէն զինուորներու գործողութեան մը ընթացքին, հիւսիսային Սուրիոյ մէջ սպաննուած է, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավար Ապու Իպրահիմ Հաշիմի Քուրէյշին, որ ծանօթ է նաեւ Հաճի Ապտալլա անունով:
Ամերիկեան զօրքերը ապահով վերադարձած են, սակայն պարտադրուած եղած են ոչնչացնելու գործողութեան ընթացքին վնասուած ռազմական ուղղաթիռ մը:
Պայտըն աւելցուց, թէ ամերիկացի զինուորները կը փորձէին ենթական ձերբակալել, սակայն զինեալ ընդհարումէն ետք, ան իր մօտ գտնուած ռուբերը պայթեցուցած է՝ սպաննելով նաեւ բնակարանին մէջ գտնուող իր ընտանիքի անդամները։
Ըստ ականատեսներու՝ սպաննուած են 13 անձեր, ներառեալ՝ վեց մանուկներ եւ չորս կիներ: