ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Յուլիս 29ին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հեծելարշաւի 94րդ շրջավազքին 20րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը՝ Մարքուսիսէն Փարիզ (146 քմ.): Այս հանգրուանը աւարտեցաւ իտալացի հեծելանւորդ Տանիէլէ Պեննաթիի յաղթանակով, սակայն ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող սպանացի հեծելանւորդ Ալպերթօ Քոնթատոր իր մօտ պահեց դեղին շապիկը եւ տիրացաւ տիտղոսին՝ արձանագրելով 91 ժամ եւ 26 վայրկեան արդիւնք մը:
Նկարին մէջ, Քոնթատոր կը համբուրէ բաժակը: