ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա», «Արմէնփրէս».- 25 Օգոստոսին իր աշխատանքէն տուն վերադառնալու ընթացքին, իր տան մօտ անյայտ անձի մը կողմէ սպաննուած է Լոռիի մարզի դատախազ Ալպերթ Ղազարեան։ Ըստ Հայաստանի ընդհանուր դատախազութեան՝ Ա. Ղազարեանի վրայ արձակուած է 4 փամփուշտ։
Դէպքին վայրը մեկնած է քննչական խումբ մը՝ Հայաստանի ընդհանուր դատախազի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մնացական Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, կատարուած է դէպքի վայրի եւ դիակի զննում, յարուցուած է քրէական գործ։
Ընդհանուր դատախազութիւնը կը յայտնէ, որ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնուած են սպանութեան հանգամանքները պարզելու եւ ոճրագործները յայտնաբերելու ուղղութեամբ։
Սպանութեան մասին նոյն օրը գիշերը զեկուցուած է Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին: Այս առնչութեամբ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վիքթոր Սողոմոնեան յայտնած է, որ նախագահ Քոչարեան յանձնարարած է իրաւապահ մարմիններուն՝ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ ոճիրին ծալքերը բացայայտելու համար, ինչպէս նաեւ պարբերաբար զեկուցել իրեն հետաքննութեան ընթացքին մասին։
Նախագահ Քոչարեան իր ցաւակցութիւնը յայտնած է դատախազ Ալպերթ Ղազարեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն. «Այս ոճիրը, որ ուղղուած է ոչ միայն դատախազութեան բարձրաստիճան պաշտօնեայի, այլեւ ամբողջ իրաւապահ համակարգին դէմ, խստիւ դատապարտելի է եւ ալ աւելի վճռական պիտի դարձնէ իրաւապահներուն պայքարը յանցագործութեան դէմ», նշած է Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը։
Երէկ, Օգոստոս 27ին Վանաձորի մէջ տեղի ունեցաւ սպաննուած դատախազ Ալպերթ Ղազարեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ա. Ղազարեանի ընտանիքին եւ հարազատներուն ցաւակցելու համար Վանաձոր ժամանած էին վարչապետ Սերժ Սարգսեան, գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, որոնց կ’ուղեկցէին Լոռիի մարզպետ Արամ Քոչարեան եւ այլ պաշտօնատարներ։
Ըստ «Երկիր Միտիա»ի, սպաննուած դատախազը կը համարուէր անկախ անձնաւորութիւն, որ կապ չունէր իշխանական խումբերու եւ տեղական պաշտօնատարներու հետ:
Յիշեցնենք, որ դատախազ Ղազարեան շուրջ մէկ ամիս առաջ դատական գործ յարուցած էր մարզի ներկայ եւ նախկին խումբ մը պաշտօնատարներու դէմ, որոնք կը մեղադրուին Վանաձորի մաքրութեան կայանէն մեծ չափով յափշտակութիւններու համար: