ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Սպիտակ տան բանբեր Թոնի Սնօ եւս կոչ ըրաւ Թուրքիոյ կառավարութեան, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ զինուորական գործողութեան մը չդիմէ:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի յայտնած էր, որ Թուրքիա Իրաքի հետ իր սահմանին վրայ աւելի քան 140 հազար զինուոր տեղադրած է:
Սնօ յայտնեց, որ Իրաքի մէջ գտնուող թրքահպատակ քիւրտ զինեալներուն գծով Թուրքիոյ մտահոգութիւնը կը բաժնէ, սակայն միւս կողմէ՝ Իրաքի հողային տարածքներուն գերիշխանութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը կը շեշտէ:
Անցեալ շաբաթ ամերիկեան բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներէն զօր. Փերի Ուիկընզ եւս Անգարան զգուշացուցած էր հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական որեւէ գործողութիւն կատարելէ, որովհետեւ այդպիսի քայլ մը կրնայ հիւսիսային Իրաքի ու ամբողջ շրջանի կայունութիւնը խանգարել: