Խմբագրութիւնս ստացաւ այս տարի Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակուած Արա Ահարոնեանի զոյգ հատորները՝ «Երախտաւորներու ուղին» (Ա. հատոր) եւ «Heroic Figures of A.D.L.»:
Հայերէն հատորը 215 էջնոց թղթակազմ գիրք մըն է, իսկ անգլերէնը՝ դարձեալ թղթակազմ եւ 77 էջնոց է: Երկու հատորներն ալ հրատարակուած են Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան կողմէ եւ նուիրուած են նոյն կուսակցութեան հիմնադրութեան 85ամեակին:
Անգլերէն հատորին թարգմանութիւնը կատարած է Արիս Կ. Սեւակ:
Զոյգ հատորներուն մէջ ամփոփուած են կուսակցութեան դէմքերուն մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ համառօտ տեղեկութիւններ կուսակցութեան պատմութեան ու սկզբունքներուն մասին: