9 Մայիսին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, «Ո՛չ Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտմանը» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբին կողմէ կազմակերպուեցաւ բազմամարդ համաժողովրդական հանրահաւաք մը:
Հանրահաւաքին նախորդեց Ստեփանակերտի Ս. Աստուածամօր Հովանիի Մայր տաճարին մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւնը` ի յիշատակ Հայրենական մեծ պատերազմի, Արցախի առաջին, Ապրիլեան եւ 44օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն։ Անկէ ետք տեղի ունեցաւ Խաչերթ դէպի Եղբայրական յուշահամալիրը, ուրկէ երթին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Վերածնունդի հրապարակը` միանալով հանրահաւաքին մասնակցողներուն:
Հանրահաւաքին նպատակը յաղթանակներու օրը վերաիմաստաւորելն էր նոր ուխտով` Արցախը հայկական պահելու ուխտով:
Հանրահաւաքին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Արցախի թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ քարոզչութեան կեդրոնի տնօրէն Վաչագան քհնյ. Գիւրջեան, «Ո՛չ Արցախի էթնիկ զտմանը» պահանջագիրի եւ ստորագրահաւաքի նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեան, «Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութեան համահիմնադիր, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, Արցախի 3 պատերազմներուն մասնակցած Կարմէն Աւետիսեան եւ երիտասարդներ:
Նախաձեռնողները տեղեկացուցին, որ թղթային եւ առցանց եղանակով հաւաքագրուած է 120,000 ստորագրութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին Արցախը ապաշրջափակելու իրենց պահանջը, վերահաստատեցին հայրենիքի մէջ ազատ, ապահով եւ անկախ ապրելու իրենց իրաւունքին տէր կանգնիլը, ցոյց տուին, որ Արցախը պիտի չյանձնուի, եւ որ վճռական են` շարունակելու իրենց պայքարը, ինչպէս նաեւ զգօնութեան, սթափութեան, համախմբման ու պայքարի կոչ ուղղեցին իրենց բոլոր հայրենակիցներուն` Հայաստանի եւ աշխարհի մէջ:
Հանրահաւաքին մասնակցեցան Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահները ու Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորները: