13 Սեպտեմբերին, Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ հերքեց Պաքուի՝ ներթափանցման փորձի մը մասին հաղորդումը։
«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ իբր պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները Սեպտեմբերի 13ին` ժամը 19:00ի սահմաններում, Քարվաճառի ուղղութեամբ կատարել են դիւերսիոն-հետախուզական ներթափանցման փորձ, ինչն իբր թէ կասեցուել է ադրբեջանական Զու գործողութիւնների արդիւնքում, եւ նահանջել են ունենալով մէկ վիրաւոր, ծայրեծայր կեղծիք է», կ՛ըսուի Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: