Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան պաշտօնական նամակներ ուղարկեց Հայաստան մօտ հաւատարմագրուած օտար դեսպաններուն՝ ներկայացնելով Արցախի կառավարութեան մտահոգութիւնները Արցախի ժողովուրդին սպառնացող գոյաբանական վտանգներուն վերաբերեալ:
Արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց միջազգային դերակատարներուն՝ վճռական եւ անկողմնակալ դիրքորոշում որդեգրելու Ատրպէյճանի գործողութիւններուն վերաբերեալ, յորդորելու վերջինը՝ հրաժարելու ուժի կամ ուժի սպառնալիքի հետագայ գործադրութենէն եւ յարգելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, որպէսզի ցեղասպանական արշաւը կանխուի։
Նամակին մէջ նաեւ կը նշուի. «2020ի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումից ի վեր Ադրբեջանը դիտաւորեալ կեղծ տեղեկատուութիւն է տարածում Արցախում իբր ապօրինի ռազմական գործունէութեան, սպառազինութեան տեղափոխման վերաբերեալ՝ այդպիսով փորձելով արդարացնել Արցախի ժողովրդի դէմ սեփական անօրինական գործողութիւններն ու հնարաւոր նոր յարձակումները, ինչպէս նաեւ զինաթափել Պաշտպանութեան բանակը՝ արցախցիներին զրկելով ինքնապաշտպանուելու հնարաւորութիւնից: 44օրեայ պատերազմից յետոյ Ադրբեջանը տասնեակ նոր ռազմական օբյեկտներ (կառոյցներ) է հիմնել Արցախի օկուպացուած (բռնագրաւուած) տարածքներում՝ այնտեղ տեղակայելով հազարաւոր զինծառայողներ, ինչպէս նաեւ կանոնաւոր կերպով անց է կացնում զօրավարժութիւններ, իր զինանոցը համալրում գլխաւորապէս յարձակողական զինատեսակներով՝ անտեսելով սպառազինութիւնների վերահսկման միջազգային օրէնքները»:
Նամակին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Արցախի աւելի քան 5 ամիսէ ի վեր շարունակուող շրջափակման եւ անոր մարդկային եւ ապահովական հետեւանքներուն: