Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, 20 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան (Եմ) միջեւ Հայաստանում ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակի վերաբերեալ» համաձայնագիրի պաշտօնական ստորագրութիւնը։
Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական վարչութեան՝ համաձայնագիրը հայկական կողմէ ստորագրեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան, իսկ Եւրոպական Միութեան կողմէ՝ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարաքոս:
Համաձայնագիրը պէտք է նպաստէ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութեան առաւել արդիւնաւէտ իրականացման, դիտել տուաւ Յովհաննիսեան՝ աւելցնելով. «Խօսքը դիտորդների համար դիւրին պայմաններ ստեղծելու մասին է` սկսած առողջապահութիւնից մինչեւ տեխնիկական (արհեստագիտական) խնդիրներ: Դա նման է այն լիազօրութիւններին, որոնք ունեն դիւանագէտները իւրաքանչիւր երկրում»:
Ըստ Յովհաննիսեանի՝ ներկայ դրութեամբ կանուխ է խօսիլ դիտորդներու թիւի բարձրացման, կարողութիւններու ուժեղացման մասին: «Երրորդ կողմերից Կանադան է միացել առաքելութեանը, կայ հետաքրքրութիւն այլ երկրներից եւս», նշեց ան։
«Մենք կը հաւատանք, որ ասիկա պիտի ամրապնդէ մարդոց ապահովութիւնը, մենք նաեւ կը նպաստենք տարածաշրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման: Եւրոպական Միութիւնը յանձնառու է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման, եւ ասիկա մեր գործիքներէն մէկն է, զոր ունինք Հայաստանի մէջ», իր կարգին ընդգծեց Մարաքոս: