ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին Յունուար 23ին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Սրի Լանքայի նորանշանակ դեսպան Ուտաեանկա Վիրադունկան (նստավայրը՝ Մոսկուա):
Շնորհաւորելով դեսպանը, նախագահ Քոչարեան ըսաւ, որ Հայաստան առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը յատկացնէ ասիական տարածաշրջանի հետ գործակցութեան զարգացումին:
Խօսելով երկկողմանի գործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին, զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին փոխադարձ շփումներու աշխուժացումը եւ տեղեկատուութեան փոխանակումը: Անոնց կարծիքով, սննդեղէնի, զբօսաշրջութեան, թանկարժէք քարերու եւ ոսկերչութեան ու կրթութեան ոլորտները հեռանկարներ ունին այս առումով:
Դեսպանը համառօտ կերպով ներկայացուց նաեւ Սրի Լանքայի մէջ տիրող իրավիճակը: