Թուականէս քառասուն օրեր առաջ, յետ երկամեայ տառապալի մաքառումներու, հիւանդանոցի մէջ, Օգոստոս 2, 2007ին իր մահկանացուն կնքեց Սան Ֆրանսիսքոյի մեր համայնքի ընտիր եւ հաւատարիմ զաւակ՝ Վիգէն Տէմիրճեանը: Դալար հասակին անողոք հիւանդութեան պատճառաւ անոր կրած ֆիզիքական եւ հոգեկան տուայտանքները ու անժամանակ շիջումը անիմանալի եւ անլուծելի թնճուկ կամ խորհուրդ մը մնաց բոլորիս: Եւ քառասունքի տխրաթախիծ սա պահուն մեր հոգիին խորքը յամեցող հարցումներն ու սրահատու ինչուները դժբախտաբար գոհացուցիչ պատասխան չեն գտներ եւ մարդկային սահմանափակ միտքը անճարակ կը մնայ նման ողբերգութիւններու եւ անդարմանելի կորուստներու առջեւ: Ըստ երեւոյթի մէկ ճշմարտութիւն հասկնալի կը թուի ըլլալ, թէ կեանքի բազմատեսակ դժբախտութիւնները հաւասարապէս բաժին կը դառնան երկրի վրայ իր դժուարին գոյապայքարը մղող մարդ արարածին՝ հարուստին թէ աղքատին, հային թէ օտարին, թերահաւատին եւ հաւատացեալին:
Վիգէնի ապաքինման համար թախանձագին աղօթեցին Տէմիրճեան ընտանիքի անդամները, Քոնքորտի իրենց տան բարեպաշտ դրացիները եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւնը: Բոլորիս աղերսանքներուն նպատակակէտը Վիգէնի առողջութիւնն էր, երկնային միջամիտութիւն կը խնդրէինք անոր համար, որ ընտանիքի սիւնը կը համարուէր եւ իր ամրակազմ հասակով եւ հայրական նուիրումով վեր կը բռնէր ընտանեկան յարկը: Վիգէն փոքր տարիքէն հայ եկեղեցւոյ հաւատքն ու սէրը ճանչցած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ եւ իր ծնողաց՝ Սարգիս եւ Մարօ Տէմիրճեանի քաջալերանքով դարձած էր մոմակալ, քշոցակիր եւ կամաւոր ծառայող մեր աղօթքի տան:
Հակառակ այն դառն իրողութեան, որ ան ֆիզիքապէս բաժնուած է մեզմէ, սգակիրներս առանց վհատելու կը շարունակենք աղօթել անոր անդենական կեանքի հանգիստին եւ ընտանիքի անդամներուն մխիթարութեան համար:
Անձնապէս այնպէս կը զգամ, որ Վիգէնին ապաքինման հաշւոյն մեր մատուցած աղօթքներն ու խնդրանքները ամենեւին ապարդիւն չմնացին: Հիւանդութեան ընթացքին զինք տեսանք հոգեկան բացառիկ կորովով սպառազինուած, ապրելու եւ գոյատեւելու վճռականութեամբ լեցուն եւ անբովանդակելի սիրով մը փարած իր կողակցին եւ սիրասուն զաւակներուն: Ծանրակշիռ խաչը քաջօրէն կրելով ան՝ իրեն այցելութեան եկողներուն խորհրդածել կու տար կեանքի, գոյապայքարի եւ անդենականի մասին, այս վերջնոյն նկատմամբ՝ երկմտանքի փորձութիւնը յաճախակի է մտքով տրամաբանող մարդու համար, բայց հաւատքի զօրութիւնը կը փարատէ կասկածն ու շփոթը ու կը հաստատէ վրդոված հոգին: Նոյնքան զօրեղ գտանք Վիգէնի կողակիցը՝ Տորիսը, որ կանացի բարեմասնութիւններով եւ առաքինութիւններով օժտուած եւ օրինակելի համբերութեամբ մը կիսեց ամուսնոյն անլուր տառապանքները: Հոգեպէս նկատեցինք նաեւ Վիգէնի հոգւոյն մէջ արծարծուող հաւատքի հուրը, հակառակ իր ծանր վիճակին ջանաց ոտքի կայնիլ եւ յարգանքով մասնակցիլ իր համար մատուցուած աղօթքին:
Սիրելի Վիգէն, մահուանդ տխրաթախիծ օրը՝ հոգեթով մրմունջներով, զուլալ մաղթանքներով եւ քաղցրահունչ մեղեդիներով վրդոված հոգիդ յանձնեցինք արարչիդ բարեգութ ձեռքերուն, որպէսզի սեւ ճակատագրին քեզի զլացած հանգիստն ու երջանկութիւնը երկնային լուսեղէն ափերուն վրայ գտնես:
Չերմ յիշատակներդ ընդ երկար պիտի շողան սրտահատորներուդ եւ ծանօթներուդ հոգւոյն մէջ: Թախծալի ու երկարատեւ գիշերէ մը ետք ընտանիքիդ անդամները լիայոյս կը նային լուսաշող առաւօտին:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ