ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծ» կազմակերպութան նախաձեռնութեամբ Ս. Մալայեանի անուան ակնաբուժական կեդրոնին մէջ արդէն հիմնադրուած է «աչքի շտեմարան»: Այն պիտի զբաղի աչքի հիւսուածքներ հաւաքելով, որոնք պիտի օգտագործուին աչքի տարբեր գործողութիւններու ժամանակ:
Նշենք, որ Ս. Մալայեանի անուան ակնաբուժական կեդրոնին մէջ հիմնադրուած է նաեւ վիրաբուժական հմտութիւններու կատարելագործման կեդրոն: Հոկտեմբերի կէսերուն այստեղ պիտի կազմակերպուի ակնաբոյժներու տարածաշրջանային վերապատրաստման դասընթացք: