ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.- Հայաստանի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար եւ պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան Յունուար 12ին ընդունեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էնթընի Կատֆրին:
Հանդիպման սկիզբը կողմերը զիրար շնորհաւորեցին Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ:
Կատֆրի պաշտպանութեան նախարարին ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Իրաքի մէջ նոր ռազմավարութեան վերաբերեալ Յունուար 10ին Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին ուղղուած նախագահ Ճորճ Պուշի ելոյթը:
Անդրադառնալով նախարար Սերժ Սարգսեանի Իրաք այցելութեան, Կատֆրի բարձր գնահատեց Հայաստանի մասնակցութիւնը միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն եւ մատնանշեց հայ խաղաղապահներուն կողմէ ցուցաբերած բարձր պատրաստուածութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը: