ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահին առընթեր ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 11ին ընդունեց Լոս Անճելըսի ոստիկանապետ շերիֆ Լերի Պաքան:
Ըստ տեղեկատուութեան, հանդիպման մասնակցած են շերիֆի յատուկ օգնական Թեւան Առուստամեանը եւ իրաւական հարցերով շերիֆի օգնական Մայքլ Եամաքին:
Սերժ Սարգսեան եւ շերիֆ Պաքան քննեցին հարցեր, որոնք պիտի բարելաւեն Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան եւ Հայաստանի իրաւապահ մարմիներուն միջեւ գործակցութիւնը ընդդէմ քրէական աշխարհին:
Այցի ընթացքին Շերիֆ Պաքան պիտի հանդիպի Հայաստանի ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: