ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը Փետրուարին պիտի հիւրընկալէ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը։
Փետրուար 11ին կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին ԱԺ փոխնախագահը ելոյթ ունենալով՝ պիտի անդրադառնայ Հայաստանի արձանագրած առաջընթացին, ներկայ կացութեան, երկրի դիմագրաւած հիմնական մարտահրաւէրներուն եւ համայն հայութեան ջանքերով անոնց յաղթահարման հնարաւորութիւններուն։
Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ հրապարակային ձեռնարկ Նիւ Ճըրզիի Rockleigh Country Club-ին մէջ։