ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Օգոստոս 27ին, Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Ալպերթօ Կոնզալէս, որ քաղաքական նպատակներով դաշնակցային դատախազներ պաշտօնազրկելու, գործադիր իշխանութեանց լրտեսական իրաւասութիւնները ընդարձակելու, բանտարկեալներ չարչարելու արտօնութիւն շնորհելու եւ շարք մը այլ հարցերով արդէն իսկ վարկաբեկուած էր եւ կորսնցուցած էր նոյնիսկ հանրապետական ղեկավարներու աջակցութիւնը, յայտարարեց, թէ Սեպտեմբեր 17ին պիտի հեռանայ պաշտօնէն:
Այս յայտարարութիւնը կատարելու նպատակով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ան մերժեց լրագրողներու հարցումներուն պատասխանել:
Կոնզալէս երկար տարիներէ ի վեր նախագահ Ճորճ Պուշի ամենամօտիկ գործակիցներէն մէկն էր: Պուշի գլխաւոր խորհրդական եւ քաղաքական ռազմավարութեան գլխաւոր պատասխանատու Քարլ Ռով եւս քանի մը շաբաթ առաջ որոշած էր հեռանալ պաշտօնէն:
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, հայրենիքի ապահովութեան բաժանմունքի քարտուղար Մայքըլ Չերթոֆ կրնայ ընդհանուր դատախազ նշանակուիլ:
Նկարին մէջ, Կոնզալէս հրաժարելու լուրը կը փոխանցէ մամուլին: