ՊՈՒՔՐԷՇ, «Արմէնփրէս».- Ռումանիոյ վարչապետ Քալին Փոփեսքու Տարիչեանու Եւրոյանձնաժողովէն ներս իր երկրի ներկայացուցիչ նշանակեց հայազգի դիւանագէտ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանը: Ան 48 տարեկան է:
Վարուժան Ոսկանեան նաեւ կը գլխաւորէ Ռումանիոյ Հայերու ազգային միութիւնը: Անոր թեկնածութիւնը պէտք է հաստատուի Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոսոյի եւ Եւրոխորհրդարանին կողմէ:
Վարուժան Ոսկանեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար 1ին, երբ Ռումանիա պաշտօնապէս կը դառնայ Եւրոմիութեան անդամ:
Հայազգի դիւանագէտը, որ ուսողութեան մասնագէտ եւ տնտեսագէտ է, կը գլխաւորէ Ծերակոյտի ելեւմտական ու ամավարկի յանձնաժողովը եւ ծանօթ է իր ազատական հայեացքներով: