ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Վարչական փտախտի դէմ պայքարող Միջազգային թափանցիկութիւն («Թրանսփարենսի ինթերնեշնլ») համաշխարհային կազմակերպութիւնը Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին հրապարակեց իր նորագոյն տեղեկագիրը, ուը վարչական փտախտի 2007ի տուեալներով, Հայաստանը 180 երկիրներու շարքին կը զբաղեցնէ 99րդ տեղը, 3.0 համաթիւով: 2006ին այդ համաթիւը 2.9 էր:
Հայաստանի դրացի երկիրներէն «համեմատաբար բնական է» վիճակը Թուրքիոյ եւ Վրաստանի մէջ, որոնք, ըստ կազմակերպութեան, կը գրաւեն, համապատասխանաբար 64րդ եւ 79րդ տեղերը՝ յաջորդաբար 4.1 եւ 3.4 համաթիւերով: Ատրպէյճան 2.1 համաթիւով կը գրաւէ 150րդ դիրքը: