ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեանը Յուլիս 17ին հանդիպում ունեցաւ պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու 2007ի ընդունելութեան քննութիւններու առարկայական քննական յանձնաժողովներու նախագահներուն հետ:
Հանդիպման սկիզբը կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ներկայացուց 17 յանձնաժողովներու նախագահները, նշելով, որ անոնք կը ներկայացնեն տարբեր բուհեր եւ բոլորն ալ փորձառու են:
Բուհական քննութիւններէն առաջ յանձնաժողովներու նախագահներուն հետ հանդիպման ընթացքին վարչապետը հետաքրքրուեցաւ, թէ քննական գործընթացը անարգել, արդար եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար կառավարութենէն կամ վարչապետէն ինչպիսի՞ աջակցութիւն կ’ակնկալեն յանձնաժողովներու ղեկավարները, ընդգծելով, որ միասնական քննակարգով յաջողութեամբ աւարտած հայոց լեզուի աւարտական քննութիւնները եթէ ոչ ամբողջովին, գէթ որոշ չափով փոխած են քննութիւններուն նկատմամբ հանրային կարծիքը, եւ այժմ անհրաժեշտ է զայն աւելի ամրապնդել:
Վարչապետ Սարգսեան անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ տարիներուն նախատեսուող քայլերուն, որոնք պիտի միտին քննութիւններու ընթացքին նուազագոյնի հասցնել ենթակայական ազդակը: Անոնք, ըստ վարչապետի, կը պահանջեն զգալի ներդրումներ եւ ժամանակ, որպէսզի ամբողջ քննական գործընթացը մեքենականացուի: Կառավարութիւնը հաստատակամօրէն պիտի իրականացնէ այդ քայլերը, սակայն մինչ այդ, Սերժ Սարգսեանը կարեւոր համարեց բոլոր տեսակի ճնշումներուն՝ ըլլան անոնք հարազատներու թէ պաշտօնեաներու կողմէ, դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի գործընթացի նկատմամբ մարդոց հաւատքը չխաթարուի:
Հանդիպման աւարտին վարչապետը յաջողութիւն մաղթեց բուհական ընդունելութեան քննութիւններուն: