ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սահմանուած ժամանակացոյցի համաձայն, Յունուար 25ին վարչապետին հաշուետուութիւններ ներկայացուցին քաղաքաշինութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարները:
Քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան նշեց, որ նախարարութիւնը 2006ին շարունակած է իրականացնել տարածական ծրագրաւորման, ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան, բնական եւ արհեստածին երեւոյթներէն պաշտպանութեան, բնակարանային տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ իր գործունէութիւնը:
Հաշուետուութեան մէջ առաջ քաշուած հիմնախնդիրներու քննարկման արդիւնքով, վարչապետը յանձնարարեց մէկ ամսուան ընթացքին ուսումնասիրել 2005-2006ին փախստականներու բնակարանային ապահովման խնդիրի լուծման ծրագիրի իրականացման վիճակը եւ առաջարկներ ներկայացնել գործընթացը արագացնելու նպատակով:
Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Յասմիկ Պօղոսեանի ներկայացուցած հաշուետուութեան համաձայն, նախարարութեան տարեկան գործունէութիւնը ուղղուած էր կառավարութեան ծրագրային քաղաքականութեան, մշակութային ռազմավարութեան երկարաժամկէտ ծրագիրներու ձեւաւորման նպաստող քայլերուն, մշակութային ընդհանուր դաշտի ձեւաւորումին եւ միջազգային գործակցութեան զարգացումին:
Ապա նախարար Պօղոսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց իր ղեկավարած ոլորտի գործունէութիւնը:
Վարչապետ Մարգարեան յանձնարարեց կարճ ժամկէտի ընթացքին մշակել եւ կառավարութեան քննարկման ներկայացնել մշակութային քաղաքականութեան հայեցակարգի նախագիծ, որը պէտք է ներառէ նաեւ հաշուետուութեան մէջ բարձրացուած հիմնախնդիրներու լուծման ուղղուած մօտեցումները:
Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան քաղաքաշինութեան եւ մշակոյթի ու երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններու 2006ի գործունէութիւնը գնահատեց բաւարար՝ ակնկալելով, որ կատարուած դիտողութիւններու եւ տրուած յանձնարարականներու իրականացման արդիւնքով 2007ին աշխատանքներու գնահատականը աւելի բարձր ըլլայ: