ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի վերանկախացման 15ամեակին եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան խորհրդանշական մեկնարկին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով, Հոկտեմբեր 16ին աշխատանքային եռօրեայ այցով վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան մեկնեցաւ Ֆրանսա:
Վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարար Վարդան Խաչատրեան, Ֆրասայի մէջ Հայաստանի դեսպան Էտուարտ Նալբանդեան, ԱԺ պատգամաւորներ, Լոռիի եւ Գեղարքունիքի մարզպետները, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան, Համահայկական երիտասարդական միջազգային կեդրոն հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Սինանեան, կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներ:
Աշխատանքային այցի ընթացքին, վարչապետ Մարգարեան եւ պատուիրակութեան անդամները Հոկտեմբեր 17ին պիտի մասնակցին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քոյր քաղաքներու ապակեդրոնացուած գործակցութեան խորհրդաժողովին, Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթիան Փոնսըլէի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Ժան-Լուի Տըպրէի կողմէ Հայաստանի վարչապետի ի պատիւ նախատեսուած ընդունելութիւններուն:
Այցի յաջորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 18ին, կը նախատեսուի վարչապետի ելոյթը Փարիզի Կառնիէ օփերային թատրոնին մէջ նախատեսուած Հայաստանի ազգային տօնին եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան խորհրդանշական մեկնարկին նուիրուած հանդիսութեան: