ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Երէկ, Նոյեմբեր 30ին, վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Մոսկուա:
Այսօր, Դեկտեմբեր 1ին, վարչապետ Մարգարեան Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Ֆրատքովի հետ պիտի քննէ շարք մը ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներու գործակցութեան առնչուող հարցեր: Վարչապետները պիտի ամփոփեն նաեւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի տարուան արդիւնքները:
Նոյն օրը երեկոյեան, վարչապետ Մարգարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ համառուսական ցուցահանդէսային կեդրոն:
Դեկտեմբեր 2ին, Մարգարեան պիտի մասնակցի Ս. Փեթերսպուրկի «Էրմիթաժ» թանգարանին մէջ նախատեսուած Հայաստանի մշակոյթի ցուցահանդէսի բացման արարողութեան, ապա Եկատերինեան պալատին մէջ՝ Հայաստանի տարուան փակման պաշտօնական արարողութեան: