ԱՇՏԱՐԱԿ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեանը երէկ, Օգոստոս 3ին այցելեց Արագածոտնի մարզ: Վարչապետի առաջին կանգառը Օհանաւան գիւղի նորաստեղծ մրգատու այգիներն էր, ապա այցելեց 2006էն ի վեր գործող հակակարկտային կայաններ:
Յայտնենք, որ տարածաշրջանին մէջ կը գործէ 15 հակակարկտային կայան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հնարաւորութիւն ունի 80-100 հեքթար տարածութիւն պաշտպանել կարկուտէն:
Վարչապետի յաջորդ կանգառը եզիտիաբնակ Ռիա Թազա գիւղն էր, իսկ Արագածոտնի մարզի մէջ վարչապետի վերջին կանգառը Ծաղկահովիտն էր:
Գրեթէ բոլոր համայնքներուն մէջ հիմնական մտահոգիչ խնդիրը վարկերու հասանելիութիւնն է: Ս. Սարգսեանի խօսքով, արդէն կը գործեն գիւղատնտեսական վարկեր տրամադրող հիմնադրամներ եւ յառաջիկայ 6-7 ամիսներու ընթացքին պիտի ձեւաւորուին մէկ քանին եւս: Այս հիմնադրամներու հիմնական նպատակը ոչ թէ շահ ստանալն է, այլ գիւղատնտեսութեան խթանումը: Պարզապէս գիւղացիները պէտք է պատրաստ ըլլան վերադարձնելու տրուած վարկերը:
Արագածոտնի մարզէն վարչապետը պիտի մեկնի Լոռիի մարզ: