ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեանը Յունիս 13ին ընդունեց ստեղծագործական միութիւններու ղեկավարները, որոնք վարչապետին ներկայացուցին իրենց կազմակերպութիւնները յուզող արդիական շարք մը խնդիրներ:
Հանդիպման մասնակիցները անդրադարձան 2006ին Ազգային ժողով ներկայացուած եւ օրակարգին մէջ ներառուած «Ստեղծագործական միութիւններու մասին» օրէնքի նախագիծին, որ ըստ վերոնշեալ միութիւններու ղեկավարներուն, իրենց համար կարեւոր եւ օրախնդիր հարց է, եւ ցանկալի է, որ նորընտիր խորհրդարանին կողմէ յառաջիկայ աշնանային նստաշրջանին քննուի:
Վարչապետի հետ հանդիպման ներկայ էին նաեւ հեռատեսիլէն ազգային մշակոյթի քարոզչութեան, Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն՝ Ֆ. Նանսենին, Ֆ. Վերֆելին եւ այլոց նուիրուած քանդակազարդ ծառուղիի հիմնադրման առաջարկներ: Հանդիպման մասնակիցները խօսեցան հասարակական կազմակերպութիւններու կարգավիճակով գործող եւ տարբեր բնագաւառներ ներկայացնող ներկայիս ստեղծագործական եօթ միութիւններու աշխատանքներուն, անոնց դերի եւ նշանակութեան, գործունէութեան արդիւնաւէտ համակարգերու մշակման, պետական աջակցութեան հարցերու շուրջ եւս:
Վարչապետ Սարգսեան ընդունեց իր խօսակիցներուն առաջարկը՝ նման հանդիպումները պարբերական դարձնելու վերաբերեալ, միաժամանակ ընդգծելով, որ ստեղծագործական միութիւնները պէտք է ձերբազատուին Խորհրդային միութեան ժամանակ գոյութիւն ունեցած նման միութիւններուն բնորոշ գործունէութեան ձեւերէն եւ արդի իրողութիւնները նկատի ունենալով ձեւակերպեն իրենց խնդիրները: