Աւելի քան երեք տասնամեակ է արդեն, որ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ դպրոցը իր որակեալ ուսուցչակազմով եւ տնօրէն Կատիա Քուշերեանի ղեկավարութեամբ, վերելքի անշեղ ուղիով կը շարունակէ ծառայել Հոլիվուտի հայաշատ համայնքի կրթական կարիքներուն։ Աշակերտութեան թիւով այն ամենամեծն է, ինչպէս նաեւ՝ լաւագոյններէն մէկը ՀՕՄի Շաբաթօրեայ դպրոցներու ընտանիքին մէջ։
Դպրոցը թարմ ուժերով եւ լաւ ակնկալիքներով իր դուռները վերստին բացաւ աշակերտութեան առաջ, սկսելով 2007-2008 ուսումնական տարեշրջանը։ Բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2007ին, առաւօտեան ժամը տասին, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանի շրջափակին մէջ։ Ուսուցչակազմի, ծնողներու եւ աշակերտութեան կողքին, ներկայ էին՝ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Ռոզ Սուքիասեան եւ փոխատենապետ Արեգնազ Խաչատուրեան։
Ողջունելով ներկաները, շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Կատիա Քուշերեան յաջողութիւններ մաղթեց աշակերտներուն նոր ուսումնական տարին սկսելու առթիւ, ապա հրաւիրեց Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը, որպէսզի աղօթքով կատարէ բացումը։ Իր օրհնութիւնը տալէն յետոյ, տէր հայրը իր պատգամը փոխանցեց աշակերտներուն, անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելով հայոց լեզուն լաւապէս իւրացնելու եւ այն սրբութեամբ պահպանելու կարեւորութեան վրայ, յիշեցնելով, որ այս տարին Արամ Ա. կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ հռչակուած է հայոց լեզուի տարի։
Մասնաճիւղի անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Ռոզ Սուքիասեան։ Խօսելով կրթական ասպարէզի մէջ ՀՕՄի առաքելութեան եւ դպրոցի նշանակութեան մասին, ատենապետուհին նշեց, որ ինչպէս անցեալին, այժմ եւս, շաբաթօրեայ դպրոցը կը շարունակէ վայելել «Մայր» մասնաճիւղի եւ վարչութեան հովանաւորութիւնն ու գուրգուրանքը եւ այդպէս պիտի շարունակուի այսուհետեւ, քանի դեռ կը զգացուի շաբաթօրեայ դպրոցներու կարիքը։
Նշենք, որ եղան նաեւ նոր արձանագրուող աշակերտներ։ Հնչեց առաջին զանգը եւ շարք կազմած աշակերտները ուղղուեցան դէպի դասասենեակները։ Նոր ուսումնական տարին սկսուած է։
Թղթակցութիւնը ՀՕՄԻ Կողմէ