ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութիւնը հաստատած է ղարաբաղեան բանակի գերութենէն Միջազգային կարմիր խաչի միջնորդութեամբ վերադարձուած Ատրպէյճանի բանակի զինուոր Վուսալ Կարաչաեւը դաւաճանութեան յօդուածով ձերբակալելու մասին տեղեկութիւնը:
«Ազերիփրէս» գործակալութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի զինուորական դատախազութեան ծանր յանցանքներու քննչական վարչութիւնը պետական դաւաճանութեան եւ մարտական հերթապահութեան կանոններու խախտման յօդուածներով դատական գործ յարուցած է Կարաչաեւի նկատմամբ: Նշենք, որ 1988ին ծնած Վուսալ Մուհամէտ օղլու Կարաչաեւ Ղարաբաղի բանակի կողմէ գերեվարուած էր 2006ի Դեկտեմբեր 7ին եւ վերադարձուած՝ Դեկտեմբեր 23ին: