ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի քաղաքապետարանի «Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնին մէջ Յունուար 12ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ վերանորոգուած մանկական ջղաբանական բաժանմունքի բացման արարողութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին բացման խօսք ուղղեցին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Նայիրա Մելքումեան, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան, առողջապահութեան փոխնախարար Թաթուլ Յակոբեան եւ Նանի Օսկանեան, իսկ հոգեւորականները կատարեցին օծման արարողութիւն:
«Սուրբ Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի գլխաւոր բժիշկ Նիքոլա Դալլաքեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին եւ ծրագիրը ֆինանսաւորած բարերար Յակոբ Գիրիթլեանին, որուն նուիրատուութեան շնորհիւ բաժանմունքին համար ձեռք բերուած են բժշկական արդիական սարքեր: Վերանորոգուած բաժանմունքը աւելի գեղեցկատես եւ տրամադրող դարձած է Հ. Իգիթեանի ղեկավարած Գեղագիտական դաստիարակութեան կեդրոնին կողմէ նուիրուած նկարներով:
Նշենք, որ 96ամեայ պոլսահայ բարերարը այժմ կը բնակի Պոլսոյ հայկական «Սուրբ Փրկի»չ ծերանոցին մէջ: